ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք#2. Բացայայտենք Երեւանը | Page 116

Շրջապտոյտ 6

Երեւանի Հարաւ-Արեւելեան Կողմը

Շրջապտոյտ 6-ը կը ծածկէ Երեւանի արեւելեան եւ հարաւային շրջանը: Ան կ՛երկարի Խոր Վիրապի Վանքէն եւ Դուինի աւերակներէն – Հայաստանի պատմական մայրաքաղաքներէն մին- դէպի Գառնիի հեթանոսական տաճարը եւ միջնադարեան Գեղարդի Վանքը: Պտոյտը ձեզ կ՛առաջնորդէ դէպի սքանչագեղ տեսարանը Գառնիի ամրոցին եւ Քարեղէն Համանուագին (Սիմֆոնիա), ապա Խոսրովի Արգելոցը, աշխարհի ամենահին պահպանուած վայրերէն մին, որ կը պարփակէ պատմական վայրեր, ինչպէս՝ Հաւուց Թառ վանքը։