ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք #1. Հայկական Բարձրաւանդակ | Page 93

Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ…

Գառնիի Ձորը եւ Քարէ Համանուագը

Գառնի ձորը ՀՀ Կոտայքի մարզի Գառնի գիւղին մէջ, Ազատ գետի երկայնքին է: Ան նշանաւոր է իր հիասքանչ ժայռերով եւ ստացած է «Քարէ Համանուագ» անուանումը: Ձորին գլխավերեւը Գառնիի հեթանոսական տաճարը եւ «Հաւուց Թառ» վանական համալիրն է: Գառնիի տաճարին կողմէ դիտուած՝ կարելի է նկատել, որ Ազատ եւ Գողթ գետերու միաձուլումէն յառաջ եկած ժայռեղէն թերակղզին կիթառի կը նմանի: Քարէ համանուագը բացառիկ կը սեպուի այն առումով, որ բնութեան մէջ քիչ են ուղղանկիւն, հաւասարաչափ տաշուածքով քարերու այդօրինակ շարուածքներ: 2011 թ. «Գառնի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանը արժանացաւ ԻՈՆԵՍՔՕ-Յունաստան մշակութային բնավայրերու (landscape) պահպանութեան եւ կառավարման բնագաւառի «Մելինա Մերքուրի» միջազգային հիմնադրամի մրցանակին: Գառնիի ձորը արժանացաւ մրցանակի, որպէս բազմաթիւ զբօսասէրներու (tourist) այցելութեան վայր:

Գառնիի տաճարը(Եռաչափ թաւալում )

93