Հնագոյն Ժամանակներէն Նորագոյն Ժամանակներ
Հայաստանը, գտնուելով Հին աշխարհի տարանցիկ առեւտրական ու ռազմական կարեւորագոյն մայրուղիներու, այդ շարքին` Արեւելքը Արեւմուտքին կապող մետաքսի ճամբուն վրայ, տնտեսական մեծ զարգացում ապրած եւ կապող օղակ հանդիսացած է Միջերկրական ծովու աւազանի, Միջագետքի, Իրանական սարահարթի ու Կովկասեան երկիրներու միջեւ։ Այդ հանգամանքը Հայաստանի նկատմամբ շարժած է շարք մը նուաճողներու` ասորեստանցիներու, սկիւթներու, յոյներու, հռոմէացիներու, պարսիկներու, արաբներու, թուրքերու, մոնկոլներու, ռուսերու հետաքրքրութիւնը` զայն յաճախ վերածելով հզօր երկիրներու պայքարի թատերաբեմի։ Այնուամենայնիւ, հայ ժողովուրդը պահպանած է իր ազգային ինքնութիւնը եւ բազմիցս վերականգնած իր պետութիւնը։
88