Մեծ Հայքի տարածքը 311,000 քմ2 եղած է։ Անոր 15 նահանգները, բոլորը միասին 191 գաւառ ունէին, որոնց 37-ը Վասպուրականի մէջ, 20-ը՝ Այրարատի։ Վերջինս մշակութային ու տնտեսական կեանքի ամենախոշոր եւ ամենանշանաւոր աշխարհն է։ Կը բաւէ միայն այն փաստը, որ այստեղ եղած են հայոց մայրաքաղաքներուն մեծ մասը (Երեւան, Անի, Արտաշատ, Դուին, Արմաւիր, Կարս, Երազգաւորս, Վաղարշապատ, Երուանդաշատ, Բագարան)։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ առանձնայատուկ դեր խաղցած են նաեւ Բարձր Հայքը, Ծոփքը, Տուրուբերանը, Վասպուրականը, Սիւնիքը, Արցախը եւ Գուգարքը: Մեծ Հայքէն զատ` հայ ժողովուրդը զգալի մեծամասնութիւն կազմած է նաեւ Փոքր Հայքի մէջ, որուն տարածքը եղած է շուրջ 80,000 քմ2։ Հայերը 11-րդ դարուն ուժեղ պետութիւն ստեղծած են նաեւ Միջերկրական ծովու հիւսիս-արեւելեան ափին գտնուող Կիլիկիոյ մէջ:
«Կիլիկիա» երգը՝ Արթուր Մեսչեանի կատարումով (Տեսանիւթ)
85