Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ…
Որդան Կարմիր Ներկանիւթը
Որդան կարմիր ներկանիւթը իր անունը ստացած է Արարատեան դաշտի մէջ տարածուած որդան կարմիր միջատէն: Վերջինս շուրջ երեք հազարամեակ Հայկական լեռնաշխարհի տարածքին օգտագործուած է կարմիր ներկանիւթ ստանալու համար: Հայ վաճառականները, ինչպէս կը հաւաստէ հռոմէացի բնագէտ Փլինիոս Աւագը, մեծ քանակով որդան կարմիր ներկանիւթ կ'արտահանէին համաշխարհային շուկայ:
77
Որդան կարմիրը կոչած են «Արքայական Ծիրանի», որովհետեւ անով կը ներկէին արքային եւ իշխաններուն հանդերձները: Որդան կարմիրը օգտագործուած է տարբեր բնագաւառներու մէջ` օծանելիքի, սնունդի, դեղագործութեան, հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութեան, կերպարուեստի մէջ եւ այլուր: Արարատեան որդան կարմիրը օգտագործուած է նաեւ հայկական գորգերու ներկերուն մէջ: Հայկական գորգը աշխարհին յայտնի է ոչ միայն իր հիւսուածքի բարձր որակով, այլեւ այս ներկանիւթով: Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի մէջ բազմաթիւ ձեռագրերու էջերուն եւս կան մանրանկարներ, որոնց համար որդան կարմիր օգտագործուած է: Որդան կարմիրը նաեւ կաթողիկոսական ու արքայական կնիքներու ներկն էր, լայնօրէն կը կիրարկուէր բժշկութեան մէջ. յայտնի էր որպէս հակաբորբոքային ու ջերմութիւն իջեցնող դեղամիջոց: Օգտագործուած է մաշկի բուժման ու թարմացման նպատակով: