Հայկական լեռնաշխարհի ժամանակացոյցը շարժընթաց քարտէզ է, որ ցոյց կու տայ Հայկական լեռնաշխարհի պատմութիւնը: ՀՀՀ-ի կողմէ մշակուելով՝ այս ժամանակացոյցը 4 վայրկեանի ընթացքին կը ներկայացնէ լեռնաշխարհի 4000 տարուան պատմութիւնը: Յիշեալ ժամանակաշրջանին Հայկական Լեռնաշխարհը կառավարուած է շուրջ 30 հայկական եւ օտար պետութիւններու կողմէ: Պետութիւններու սահմաններուն փոփոխութիւնը ներկայացուած է ընդգծումներով, իւրաքանչիւր ժամանակի ընթացքին: Ներկայացուած ժամանակաշրջանները պետութիւններն են՝ նշուած ոսկեգոյնով, որոնք ցոյց կու տան Հայաստանի անկախութիւնը, երբ Հայկական Լեռնաշխարհի սահմանները դեղին ընդգծումով կը յայտնուին: Քարտէզին վերը դուք կը տեսնէք վահանակ մը, որ համապատասխան պատմական ժամանակացոյցը կը ներկայացնէ այնպէս, ինչպէս ՀՀՀ-ի դասընթացքները, որոնք պատմական ժամանակաշրջանը կը նեկայացնեն:
Շարժական Քարտէզ
6