21
Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ….
Հայկական Լեռնաշխարհի Ճարտարապետութիւնը
Կիկլոպեան Ամրոցներ
Հայկական լեռնաշխարհի հնագոյն ամրոցավայրերը, որոնց թիվը քանի մը հարիւրի կը հասնի, համեմատաբար քիչ ուսումնասիրուած յուշարձաններու թիւին կը պատկանին: Մասնագիտական գրականութեան մեջ ընդունուած է այդ յուշարձանները անուանել «Կիկլոպեան Ամրոցներ»: Վերջիններս հայկական ամրոցաշինութեան նախնական օրինակներն են: Հայկական միջնադարեան ամրոցներու մուտքերու եւ պարիսպներու շարուածքներու որոշ օրինակներ կիկլոպեան ամրոցներէն կը սերին: Կ'առանձնանան Սառնաղբիւրի համակարգը եւ Շագլաման: Անիի շրջանի Սառնաղբիւրի տարածքին չորս կիկլոպեան ամրոցներ կան, որոնք իրարմէ հեռու չեն: Կիկլոպեան ամրոցները կը վկայեն այն մասին, որ միջցեղային ընդհարումները յաճախակի եղած են ու սովորական: Անոնք ոչ միայն պաշտպանական կառոյցներու տարածուած ու գլխաւոր ձեւերէն եղած են, այլեւ բնակութեան համախմբման հիմնական հաւաքավայրերը: Գեղամայ լեռներու եւ Արագածի լանջերուն կան բազմաթիւ կիսականգուն կիկլոպեան ամրոցներ: