Ընթերցողներու համար մատչելի եւ յարմար այս շարքը ներկայացուած է այնպիսի լեզուով ու ոճով, որ կրնայ լայն լսարան մը հետաքրքրել: Բացի այդ, տեղեկատուական ցանցի ելեկտրոնային գիրքերուն շարքը կազմուած է ճշգրիտ ու մանրամասն, համապատասխան ակադեմական պահանջներու, զայն որպէս գիտական աղբիւր ծառայեցնելու նպատակով: Որդեգրուած համեմատական մօտեցման սկզբունքը գիրքը գրաւիչ կը դարձնէ ոչ միայն անոնց համար, որոնք Հայաստանի մասին տեղեկութիւններ կ'ուզեն ստանալ, այլ նաեւ անո'նց համար, որոնք արդէն իսկ ծանօթ են մեր պատմութեան ու մշակոյթին:
Շարադրանքը զուգակցուած է տեսողական գրաւիչ ձեւերով, լուսանկարներով ու տեսահոլովակներով: Ընթերցանութեան ամբողջ ընթացքին անհատը ինքնագնահատման քննութեանց միջոցաւ հնարաւորութիւն ունի գնահատել իր յառաջընթացը, հետեւիլ դէպքերու ժամանակագրութեան եւ օգտագործել հարուստ բառարան՝ այդպիսով աւելի արդիւնաւէտ դարձնելով ուսումնառութեան ընթացքը:
ՀՀՀ տեղեկատուական ցանցի ելեկտրոնային գիրքերու շարքը հասանելի եւ դիւրին է. ընդամէնը քանի մը վայրկեանէն կարելի է ներբեռնել, իսկ բաժանորդագրութիւնը անվճար է:
117