ՀՀՀ Մուլթիմետիա Ել. Գիրքերու Շարք Ել. Գիրք #1. Հայկական Բարձրաւանդակ | Page 101

101

Իսկ Դուք Գիտէի՞ք, որ…

Հայկական Լեռնաշխարհի Որմնանկարչութիւնը (Կերպարուեստը)

Հայկական լեռնաշխարհը հարուստ է իւրօրինակ ու բազմաբովանդակ ժայռապատկերներով: Ժայռապատկերներուն վրայ բազմազան են վայրի կենդանիներու եւ թռչուններու տեսակները:

Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած ժայռապատկերներուն մէջ բազմաթիւ աստղագիտական նշաններ կան, ինչպէս օրինակ՝ Ուխտասարի կամ Իշխանասարի ժայռապատկերներուն նշանները։ Սեւանայ լիճը շրջապատող լեռներուն եւ Հայաստանի այլ վայրերու մէջ պահպանուած ժայռապատկերներուն մէջ արտացոլուած են երկիրը, արեւը, լուսինը, մոլորակները, աստղեր, գիսաստղեր եւ համաստեղութիւնները (նոյնիսկ Յարդագողի ճամբան)։ Գիտնականներու մեծ մասին կարծիքով՝ ժայռապատկերները ունեցած են մոգական, հմայական կամ պաշտամունքային նշանակութիւն: Անոնք հիմք կու տան ենթադրելու, որ նախամարդը երկնային մարմիններու մասին իւրօրինակ պատկերացումներ ունեցած է: Հայկական լեռնաշխարհի որոշ առանձնայատկութիւններ թոյլ կու տան ենթադրել, որ ժայռապատկերային նշանները գործածուած են որպէս գիր եւ հոգեւոր ու ծիսական նշանակութիւն ունեցած են: